Armeens
Աստուծոյ պատկերը մարդուն մէջ
Չիֆթճեան, Գրիգոր Վրդ․ • Godsdienst
2003 , Անթիլիաս (REL-T CHIG 2003)
Բարոյական կեանքի մասին այժմէական մօտեցումով նիւթերու փունջ մըն է այս հատորը։
Մարդու կեանքին հետ անմիջականօրէն կապուած հարցեր ներառուած են այստեղ, ինչպէս՝ Աստուծոյ պատկերը մեր մէջ վերստին կերտելու ճիգը, միշտ աւելիին ձգտումը, առանձնութեան վախը, ուրիշին օգնելու առաքինութիւնը, շրջապատին նկատմամբ անաչառ ըլլալու կարեւորութիւնը, այր եւ կնոջ հաւասարապէս տունը կառավարելու այսօրուան պահանջքը։
Ամէնէն դժուար լուծելի հարցերէն մինչեւ ամէնէն պարզ կարծուածները հեղինակին կողմէ ներկայացուած են բացատրողական ոճով, որոնց տուած է պարզ ու տրամաբանական եզրակացութիւններ։ Յաճախ տարօրինակ թուացող երեւոյթները խարանուած են սուր ակնարկներով, որոնց նպատակը դարման բերել է եւ ո՜չ թէ լոկ քննադատութիւն կատարել։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak