Home / Catalogus / Նոր 1000-ամեակ վերանորոգեալ հայ եկեղեցիով
armenain-flag Armeens

Նոր 1000-ամեակ վերանորոգեալ հայ եկեղեցիով

Չիֆթճեան, Գրիգոր Ծ․ Վրդ․ • Godsdienst

2003 , Անթիլիաս (REL-CH CHIG 2003)

Նոր հազարամեակի սկզբնաւորութեամբ, մարդու արդար ակնկալիքը ամբողջ աշխարհի հոգեկան նորոգումը եղաւ։ Այդ աշխատանքին մէջ եկեղեցւոյ դերը անուրանալի է, որուն դրական գործունէութեան ակնկառոյց սպասումով նայած է մարդը։ Նոր հազարամեակին պատշաճող, ներքին էութեամբ վերանորոգուած նոր եկեղեցի մը միայն կրնայ ստեղծել հոգեկան ամբողջական վերանորոգման միջավայրը։

Այս գիրքը լեցնող գրութիւնները հայ եկեղեցւոյ պրիսմակէն կը դիտեն բարոյական հարցեր, կը կատարեն եկեղեցական վերանորոգութեան ակնարկներ, կը քննարկեն երեւոյթներ, կ'արտայայտեն հեղինակին համեստ տեսակէտները, եւ հարցադրումներու ճամբով գետին կը պատրաստեն մեծ վերանորոգութեան, այսինքն՝ հիմնական փոփոխութեան մեր եկեղեցական՝ հաւաքական կեանքէն, թէ՝ անհատական՝ հոգեկան աշխարհէն ներս։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image