Armeens
Բեթղեհէմի աստղին լոյսը՝ Ս․ Էջմիածնի պրիսմակէն․․․
Գարեգին Ա․ կաթողիկոս • Godsdienst
1996 , Էջմիածին (REL-T GARE 1996)
«Տեսանք անոր աստղը արևելքին մէջ
Եւ եկանք երկրպագելու անոր» (ՄԱՏԹ. Բ 2):
Ըստ աւետարանական պատումին՝ արևելքէն եկող երեք մոգերու կողմէ արտասանուած խօսքն է, որ Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան այս տօնին բոլոր քրիստոնեաներու շրթունքներուն վրայ կը վերարտասանուի և ականջներուն մէջ կը վերարձագանգէ:
«Տեսնե՜լ աստղը»
Կը նշանակէ նախ աչքերը բաց ու վճիտ ունենալ: Տեսնուածին լոյսը չի բաւեր տեսնելու համար: Հարկ է աչքին հանդիպումը լոյսին՝ որպէսզի լոյսը ըլլայ լոյս մեզի՛ համար: Ս. Ծննդեան տօնը, հետևաբար, սքանչելի առիթ մըն է, որպէսզի սրբենք մեր աչքերը, մաքրենք մեր սրտերը, պայծառացնենք մեր միտքերը, բիւրեղացնենք մեր հոգիները՝ զգայուն և ընկալուչ դառնալու համար «Աշխարհի Լոյսին»՝ երկինքէն յաւերժօրէն ճառագայթող և մեր կեանքերուն մէջ լոյս ու երջանկութիւն ցանող «Անոր աստղին»:
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak