Armeens
Նիւ-Եօրք
Մելիքեան, Լուսիկ • Literatuur
1988 , Քալիֆօրնիա (E-A LIT MELL 1988)
Քսանչորս պատմուածքներէ բաղկացած գեղարուեստական այս հատորին մէջ դերակատարութիւն վերցուցած տիպարները մեծ մասամբ նախկին իրանահայեր, լիբանանահայեր, հայաստանցիներ եւ սուրիահայեր են։ Երկսեոռ՝ երիտասարդ, միջին տարիքի, ալեհեր հայեր։ Լուսիկ փորձած է անոնց ամէնօրեայ թէ պարագայական հանդիպումներուն, խօսակցութիւններուն, տաք ու պաղ վիճաբանութիւններուն ու դիրքորոշումներուն ընդմէջէն ներկայացնել սփիւռքահայուն եւ, այս պարագային, ամերիկահայուն ապրումներն ու տագնապները, հայրենիքին հանդէպ անմար սէրն ու կարօտը, եւ այդ կրքոտ սէրէն յառաջացող հակադիր կեցուածքները, դիրքորոշումները ու ասոնց հետեւանք՝ սին եւ ամուլ պայքարները։
Առանց ծանր խորացումներու, Լուսիկ անսեթեւեթ ու զուարթ ոճով մը կը ստեղծէ տիպար ու մթնոլորտ, հարցը թողնելով բաց եւ բոլորէն քննարկելի։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak