Armeens
Բանաստեղծութիւններ
Իսահակեան, Աւետիք • Literatuur
1955 , Պէյրութ (E-A LIT ISAA 1955)
Սիրոյ ու կարօտի երգիչը
Հայ գրականութեան մէջ Աւետիք Իսահակեան եզակի ձիրք մը ունի որպէս քնարերգակ բանաստեղծ։ Իր արուեստը, գերազանցօրէն ժողովրդական, թէեւ զուրկ հզօր երեւակայութեան մը նպաստէն, կրկնակիօրէն համակրելի է իր վճիտ ու մարդկային պարզ հոգիի անկեղծ արտայայտութեամբ։ Ու այս՝ առաւելաբար սիրոյ և պանդուխտի իր երգերուն մէջ։
Իսահակեանի գրականութիւնը հարազատ պատկերաւորում մըն է իր իսկ կեանքին ու հոգեկան վիճակներուն։ Ամէն մի քերթուած, պոէմ կամ արձակ, վաւերական նօթեր են իր սէրերուն, աստանդական կեանքին մէջ զգացած կարօտներուն, յուսախաբութիւններուն ու յոյսերուն։
Իր քերթողութեան երաժշտականութիւնը ու հաղորդականութիւնը, հայ երաժիշտներուն առիթ տուած է Իսահակեանի բանաստեղծութիւնները երգերու վերածելու ու տարածելու ժողովրդի լայն խաւերուն մէջ։
Ook online
PDF bekijken