Armeens
Հոգիի համերգ
Բագրատունի (Պուրճեքեան, Հոգշ․ Տ․ Բագրատ Աբղ․) • Literatuur
1995 , Երուսաղէմ, Տպարան Սրբոց Յակոբեանց (W-A LIT BAGR 1995)
Երիտասարդ հոգեւորական բանաստեղծին առաջին ժողովածուն է։ “Հոգիի համերգ”, ուր ամփոփուած են բանաստեղծին կեանքէն բղխած երգերը։ Առաջին բաժինը՝ “Վիշտը հոգիս կը ծխէ” կեանքի դառնութիւններէն ծնած բանաստեղծութիւններ են։ Երկրորդը՝ “Աստղէ արցունք”, ուր երկնայինի ու երկրայինի խորհրդաւոր կապն է, որ կը միանայ բանաստեղծին հոգիին մէջ։ “Մեղրածոր գիշեր” երրորդ բաժինը՝ կը շեշտէ կեանքի մէջ բանաստեղծին յատուկ առանձնութիւնը, որտեղ կեանքի քաղցրութիւններն ու դառնութիւնները ծնունդ կու տան իր քնարական աշխարհին։
Հոգիի համերգ
Հոգիս հիմա համերգ կու տայ
Լսէ, լսէ՜ սիրտ իմ տրտմած
Վէրքս երէկ որ կը կոտտար
Այսօր երգի է վերածուած։
Համերգ կու տայ հոգիս հիմա․․․
Երգէ, երգէ՜ սիրտ իմ վառած,
Երգդ դադար թող չունենայ,
Որ չզարթնին ցաւերս յանգած։
Հոգիս կ՛երգէ կեանքս հիմա․․․
Պարէ, պարէ՜ սիրտ իմ հրճուած,
Ե՜րգդ, պա՜րդ թող չկենան,
Որ չմեռնիս վշտին փարած։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak