Home / Catalogus / Մէկ քարով երկու գարուն
armenain-flag Armeens

Մէկ քարով երկու գարուն

Զահրատ • Literatuur

1989 , Իսթանպուլ (W-A LIT ZAHR 1989)

Զահրատ իսթանպուլահայ գրականութեան գագաթային անուններէն մէկն է, Հայ արդի քերթողութեան քանի մը դրօշակիրներէն ամէնէն փայլունը անտարակոյս, որուն անունը Մայրենի գրականութեան սահմաններէն դուրս յորդած եւ ճանաչում գտած է օտար հորիզոններու տակ։

Արդի Հայ բանաստեղծներուն ամէնէն ինքնատիպն ու ինքնուրոյնը, Զահրատ, իր գերիրապաշտ բայց խորիմաստ տաղերով, մանաւանդ իր անկրկնելի ոճով, քառասուն տարիէ ի վեր իր ընթերցողները հիացումէ հիացում, ու զարմանքէ զարմանք կ'առաջնորդէ։

Ներկայ հատորը, որ ընթերցողին կը հրամցուի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի գովելի հոգատարութեամբ, մեր դիմաց կը հանէ վերջին տարիներու Զահրատեան արուեստը իր ցնցիչ ամբողջ գեղեցկութեամբ, խորիմաստութեան մէջ պարզ, պարզութեան մէջ խորիմաստ։

Ռ․ Հատտէճեան

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image