Armeens
Հեթանոս երգեր - Հացին երգը
Վարուժան, Դանիէլ • Literatuur
1981 , Վենետիկ (W-A LIT VARD 1981)
ԲԵԳԱՍ
Ընկեր Մուրատին եւ իր ձիուն կայծակնավազ
Բե՜գաս, հրեղէն ձիս,
Երկնամուխ լեռն արեւուն մէջ կը շողայ
Զերթ շափիւղայ․
Իր կատարին աստղապըսակ՝ պիտի զիս
Տանիս։
Զետեղեցի քամակիդ աւասիկ թամբըդ՝ ծեփուած
Ադամանդով,
Եւ դըրի սանձըդ՝ հիւսուած
Շանթով․
Եւ նուսիդ վրայ զերթ մըրրիկ
Ես նետուեցայ աւասիկ։
Դե՜հ, թող մըտրակըս՝ յաւէտ լոյսերու մէջ թաթաղուն՝
Կողերուդ շուրջը սուլէ օձի նըման գալարուն․
Եւ դուն
Անդունդներուն վըրայէն եւ վըրայէն ձիւներուն
Տար զիս
Արեւո՜ւն։
․․․
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak