Home / Catalogus / Դերասանուհին
armenain-flag Armeens

Դերասանուհին

Շանթ • Literatuur

1924 , Կ․պոլիս (W-A LIT SHAN 1924)

Պառաւը մինակ էր սենեակին մէջ։

Փողոցին կողմը, նեղ պարտէզի մը վրայ նայող գետնայարկ պատուհանին քով կծկուեր էր բազմոցին  անկիւնը, ու ձեռքի երկար դեղին-սաթէ համրիչը կը դարձընէր հատիկ-հատիկ․ մինչ իր անմրմունջ ու անդադար երերցող շրթունքները իրենց առտուան աղօթքը կը կրկնէին մեքենական արագութեամբ։

Յօրանջները սկսան շուտ-շուտ իրարու յաջորդել․ ուրեմն աղօթքը արդէն մօտ էր իր վերջին, երբ յանկարծ ահագին դղրդումով կառք մը սրացաւ փողոցին վերէն, ու եկաւ շիտակ պարտէզի վանդակորմին առջեւ թափով կեցաւ։

․․․

Ook online

PDF bekijken
catalog-image