Armeens
Գլաձոր տարեգիրք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանուց․ Ը․ տարի
Ազնաւորեան, Մինաս սրկ․ (խմբագրապետ) • Godsdienst
1965 , Անթիլիաս (REL-T AZNM 1965)
Ծմբագրական․ Յիսնամեակը եւ դպրեվանքը
Յիսուն տարիներու խորունկ խրամատ մը մեզ կը բաժնէ այն մահասարսուռ թուականէն, երբ թուրք մահիկը մեզ հնձեց մեր դաշտերէն, նախ ատո՜ք, լի՜ հասկերը, յետոյ մնացեալները բոլոր։
Եւ Հայ ժողովուրդը “որպէս ցորեան աստուածային գազանաց մանրեալ ժանեօք հաց սուրբ գտաւ Աստուծոյ”։ Այո՜, Հայ ժողովուրդը բզքտուեցաւ անյագ գազանին ժանիքներուն տակ։ Բայց անոր բերնէն թափած հատիկները անապատին հրակէզ աւազներուն մէջ՝ ոռոգուելով թափուած յորդառատ արեամբ՝ ծլեցան, ընձիւղներ արձակեցին եւ աճեցա՜ն, աճեցան յամառ կամքով ու անհնարին ճիգերով։
Անապատին հրդեհող տապէն վաղահաս դեղնած ու կիսովին չորցած ցօղուններուն վրայ դարձեա՜լ երեւացին ատո՜ք հասկեր՝ որոնք շուտով հասունցան։
Փճացման դիմաց՝ առաջին հակազդեցութիւնն էր այդ՝ գոյատեւման պայքարը, զոր Հայ ժողովուրդը քաջաբար յառաջ տարաւ։
Կէս դարու հսկայ խրամատ մը կը բաժնէ վաթսունըհինգը տասնըհինգէն։ Սակայն ո՜չ տարիներ եւ ո՜չ դարեր կրնան խրամատ բանալ մեր հոգիներուն վրայ եւ կամ խզել կապը հոգիներուն մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն եւ մեր միջեւ։ Այդ կամուրջը անխորտակելի է ու կը մնա՜յ յաւերժօրէն կանգուն։
Ook online
PDF bekijken