Home / Catalogus / Պատմութիւն հայոց նախակրթարանի Ե․ եւ բարձրա...
armenain-flag Armeens

Պատմութիւն հայոց նախակրթարանի Ե․ եւ բարձրագոյն դասարաններու համար

Յովհաննէսեան, Հ․ Վահան • Geschiedenis

1957 , Վենետիկ (A-HIS HOVV 1957)

Քրիստոնէութեան մուտքէն մինչեւ Ռուբինեան թագաւորութեան անկումը

 

Տրդատ Հռոմէացիներու քով

 

Երբ Խոսրով Ա․ դաւաճանութեամբ սպաննուեցաւ Անակ Պարթեւէն, Շապուհ՝ Պարսիկներու թագաւորը, տիրեց Հայաստանի, եւ ուզելով ջնջել Արշակունիներու ցեղը, թագաւորական ընտանիքի բոլոր անդամները սուրէ անցուց․ միայն փոքրիկ Տրդատը ազատելով մահէ, Հռոմէացիներուն երկիրը փախցուց Արտաւազդ Մամիկոնեան։ Տրդատ բնակեցաւ Նիկոմիդիա քաղաքին կայսերական պալատին մէջ։ Հոն լաւ կրթութիւն առաւ թէ ուսումնապէս եւ թէ զինուորութեամբ։ Երբ մեծցաւ, զինքը դրին Լիկիանոս զօրավարի գունդին մէջ։ 

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image