Armeens
Ամէնուն տարեգիրքը 1963, Ժ․ տարի
Գէորգեան, Կարօ (կազմեց) • Cultuur
1963 , Պէյրութ (A-C HIS GEOK 1963)
Երբ 1954ին լոյս կը տեսնէր “Ամէնուն տարեգրքի” Ա․ հատորը, չէինք կրնար նախատեսել, թէ լայն ժողովրդականութիւն մը պիտի գտնէ այս հրատարակութիւնը եւ հատորներու յաջորդականութեամբ, բախտը պիտի ունենայ բոլորելու իր Տասնամեակը։ Եւ սակայն, չնախատեսուածը իրականացաւ ժամանակի ընթացքին, եւ, Տասնամեակի այս պատկառելի հատորը վկայ, իրականացաւ առաւելագոյն յաջողութեամբ։ Մեր այս հաստատման լաւագոյն ապացոյցն այն է, որ 1954ին 1500 տպաքանակով լոյս տեսած “Ամէնուն տարեգիրքը”, իր տասներորդ հատորը կը հրատարակէ այդ տպաքանակին կրկնապատիկով։
“Ամէնուն տարեգիրքը” սիրուեցաւ իր ընթերցողներէն։ Սիրուեցաւ, գնահատուեցաւ եւ հետեւաբար փնտռուեցաւ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը,մեր բոլոր գաղութներուն մէջ, որովհետեւ, ամէն բաէ առաջ, իր հետաքրքրական բովանդակութեամբ, ընթերցումը մատչելի հրատարակութիւն մը եղաւ ան գրասէր բազմուտեանց բոլոր խաւերուն համար, առանց բացառութեան։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak