Home / Catalogus / Ամէնուն տարեգիրքը 1960, Է․ տարի
armenain-flag Armeens

Ամէնուն տարեգիրքը 1960, Է․ տարի

Գէորգեան, Կարօ (կազմեց) • Cultuur

1960 , Պէյրութ (A-C HIS GEOK 1960)

Բացառիկ տարի մը եղաւ 1959ը “Ամէնուն Տարեգրքին” ու անոր խմբագրին համար․ այն իմաստով, որ այդ մէ՜կ տարուան ընթացքին հարկադրուեցանք հրատարակել երկու Տարեգիրք, - մէ՜կը՝ 1959ի հատոը, միւսը՝ 1960ինը։ Այսպէս եղաւ, որովհետեւ, Լիբանանի ցաւալի անցքերուն հետեւանքով, 1958ը պարապի անցաւ եւ այդ տարուան աշխատանքի ծանրութիւնն ալ բարդուեցաւ 1959ի վրայ։

Հեշտ է ուրեմն երեւակայել այն յոգնությունը, որ վիճակեցաւ մեզի այս մէկ տարուան ընթացքին։ Եւ, ատով ալ կարելի է չափել այն բացառիկ համբերութիւնը, զոր մենք մեզի պարտադրեցինք, բացառօրէն կրկնապատկուած այդ աշխատանքը կարենալ գլուխ հանելու համար։ Ուրեմն, խմբագրական ու հրատարակչական գործին հետ կապուած բոլոր դժուարութիւնները դիմագրաւելով, յաջողեցանք ահաւասիկ մեր ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դնել նաեւ Տարեգրքիս այս եօթերորդ հատորը, Ամանորի առաջին օրերուն։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image