Armeens
Ամէնուն տարեգիրքը 1964, ԺԱ․ տարի
Գէորգեան, Կարօ (կազմեց) • Cultuur
1964 , Պէյրութ (A-C HIS GEOK 1964)
Տարեգրքիս տասնամեակի մեծածաւալ հատորը արձանագրեց մեր ակնկալած յաջողութիւնը, ընդհանուր գնահատման եւ տպաքանակի սպառման տեսակէտով։ Հաճոյքով կ՝արձանագրենք այս հաստատումը իբրեւ մէկ նոր արտայայտութիւնը այն դրական վերաբերումին, զոր ի սփիւռս աշխարհի ցրուած մեր բազմահազար ընթերցողները ցոյց տուին այս հրատարակութեան հանդէպ, մասնաւորաբար վերջին տարիներու ընթացքին։
“Ամէնուն Տարեգրքի” այս 11րդ հատորով կը գտնուինք նոր տասնամեակի մը սեմին եւ հետեւաբար կը բացուի նոր շրջան մը մեր առջեւ։ Ահա ճամբայ կ՝ելլենք դարձեալ ամենայն եռանդով, տալու համար մեր ընթերցողներուն նաեւ այս նոր հատորը, իր բազմատեսակ նիւթերով ու նկարներով եւ այն բոլոր նորութիւններով, որոնք ցարդ եղան լոյս տեսած ամէն մէկ հատորի ցայտուն յատկանիշը։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak