Home / Catalogus / Ամէնուն տարեգիրքը 1962, Թ․ տարի
armenain-flag Armeens

Ամէնուն տարեգիրքը 1962, Թ․ տարի

Գէորգեան, Կարօ (կազմեց) • Cultuur

1962 , Պէյրութ (A-C HIS GEOK 1962)

Անխուսափելի էր յապաղումը, որով հրապարակ կ՝ելլէ “Ամէնուն Տարեգրքի” այս տարուան 9րդ հատորը։ Աւելի քան հինգ ամիսներ բացակայեցանք Պէյրութէն, կատարելու համար ուսումնասիրական շրջապտոյտ մը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ Գանատայի մէջ եւ տալու այդ երկու երկիրներու հայութեան համապատկերը, իբրեւ շարունակութիւնը Տարեգրքիս “Մեր Գաղութները” բաժնին, որ այնքան հետաքրքրութեամբ կարդացուեցաւ մինչեւ այսօր Սփիւռքի մեր բազմահազար ընթերցողներուն կողմէ։ Հակառակ մեր արագընթաղ ճամբորդութեան - ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ վազքին - ուշացաւ մեր վերադարձը եւ այդ պատճառով ալ, շուրջ երկու ամիսով ուշացաւ նաեւ այս հատորին հրատարակութիւնը։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image