Home / Catalogus / Շիրակ Երգարան 19
armenain-flag Armeens

Շիրակ Երգարան 19

Հաննէսեան եղբայրներ • Muziek

1976 , Պէյրութ (MUS-S HANN 1976)

Ինչո՞ւ են մարդիկ աշխարհը խառնում,

Եւ ի՞նչ է ուզում մէկը միւսից․․․

Երբ կայ աշախարհում երաժշտութիւն։

                                                                  ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

Շիրակ երգարանի հրատարակութեան շարունակումը՝ երբեմնի “Կանաչ Լիբանան”էն վերընձիւղած նոր տերեւ մը թող ըլլայ։

Ոչ ոք գուցէ հաւատայ, որ տակաւին կարելի է պահել երգարան հրատարակելու աւանդութիւնը, երբ մահը -սահմռկեցուցիչ բոլոր տեսակներով- կը սաւառնի իւրաքանչիւր Լիբանանցիի գլխուն վերեւ, սկսեալ 13 ապրիլ 1975էն մինչեւ օրս։

Լիբանանին պարտադրուած քաղաքացիական կռիւին եւ քաոսային անըմբռնելի այս կացութեան պատասխանատուութիւնը եթէ կ՛երթայ քաղաքական մարդոց գէշ ղեկավարումին եւ միջազգային դիւանագիտական շահադէտ նոր դասաւորումներուն․ ապա զայն փրկելը սրբազան պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր Լիբանանցիին՝ այսօրուան բերելիք իր նպաստով։ Իւրաքանչիւրը իր գերագոյնով, իր ազնուագոյնով պէտք է մասնակցի նոր Լիբանանի կերտումին։

Դառն ու դաժան այս ժամանակներուն, երբ գեղեցիկ մեղեդիները տեղի տուած են արդիական զենքերու մահասփիւռ աղմուկին եւ լեռնադղորդ պայթումներուն, երբ երաժշտական գործիքները լռած են, արուեստագէտներ գամուած իրենց տուները, արուեստի սրահները գոցուած կամ հրկիզուած, երբ երգը, ցամքած է Լիբանան աշխարհէն, լոյս կ՝ընծայենք կենսախինդ ու շէնշող օրեր հիշեցնող այս հատորը, յետ ծանր մտորումներու։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image