Armeens
Վանեցի մը պայքարը․․․
Պարոնիկեան, Տօքթ․ Արմենակ Ս․ • Geschiedenis
1935 , Աթէնք (A-D HIS PARA 1935)
Ինչո՞ւ գրեցի այս գիրքը
Բարեկամացս, և մանաւանդ մտերիմ շատ մը Սրբազան հայրերու և ծանօթ ազգայիններու խորհուրդին անսալով էր որ չի նայած իմ այժմու նիւթական շատ անձուկ վիճակիս, ձեռնարկեցի հրատարակել այս ինքնակենսագրութիւնս։
Վասնզի, ամէն հայուն երբ մոտեցայ այս վերջին գաղթական շրջանիս, կ՝զգայի բան մը, վերապահութիւն մը եւ համակրանք մը միանգամայն, անոնք բոլորն ալ, կղերն ու կուսակցականը, չէզօքն ու մտաւորականը բոլորն ալ թէ զիս շատ կը սիրէին, եւ թէ ալ կը վախենային ինձմէ միանգամայն։
Եւ ատոր համար, խորհուրդ տուին ինձ բոլորն ալ․ «Տօքթօրս, եթէ կ՝ուզես այժմ հայ շրջանակի մէջ գործի լծուիլ, պէտք է նախ բոլորին ալ պատեհութիւն տաս որ ճանչնան քեզ եւ գիտնան ով ըլլալդ։ Պէտք է հրատարակէս ինքնքգրութիւնդ, որով միայն պիտի կրնաս փաստացիօրէն մաքրել անունդ, եւ տալ պատեհութիւն որ բոլորս ալ անգամ մը ճանչնանք քեզ եւ գիտնանք ո՞վ ես, ի՞նչ ըրած ես ցարդ եւ ի՞նչ ընել կուզես այժմ։
Ահա այս համոզիչ խորհուրդն էր որ ստիպեց զիս Մարսիլիոյ մէջ Հոկտ․ 1933ին գրի առնել յիշողութիւններս եւ քովս եղած շատ սակաւաթիւ փաստաթուղթերը մէջբերելով, ջանալ առանց կեղծ ու պատիր նկատումներու, որպէս Գերման մտաւորական մը, շատ խղճմտօրէն, միայն եղած իրականութիւնը մեր պետական մարմիններուն, Վեհափառ Հայրապետաց, Պատրիարքաց եւ համայն կղերականութեան, ազգային եւ կուսակցական մարմիններու առջեւդ դնել։
Ook online
PDF bekijken