Armeens
Յոբելենական յուշամատեան 1936-1976
Անանուն • Geschiedenis
1978 , Իսթանպուլ (A-D HIS ANON 1978)
Յոբելենական յուշամատեան 1936-1976 Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս երգչախումբի եւ յիսնամեայ համայնքային ծառայութեան յոբելեար դպրապետ եւ վարիչ Վարդգէս Գաբրիէլեանի
Յիսուն տարի։ Հանգրուան մը, զոր սովոր ենք կոչել Ոսկեայ Յոբելեան։ Յիսուն տարուան բոլորանուէր ու յօժարակամ վաստակ մը, որ այսօր կը յայտնուի իբրեւ բազմաբեղուն աշխատանք եւ որուն առջեւ մարդ ակամայ կը խոնարհի յարգանօք։
Վարդգէս Գաբրիէլեանի կիսադարեան գործունէութիւնն է այդ, Իսթանպուլահայ երաժշտական եւ համայնքային կեանքին մէջ, ի մասնաւորի Կէտիկփաշա թաղին։
Վարդգէս Գաբրիէլեանի յիսնամեայ գործունէութեան այս հանգրուանը կը զուգադիպէր նաեւ “Զուարթնոց” Երգչախումբի կազմութեան քառասնամեակին։ Եւ “Զուարթնոց” գրեթէ ծնունդ առած էր Վարդգէս Գաբրէլեանի թեւերուն մէջ։ Ուստի, գեղեցիկ առիթ մը կը ներկայանար, որպէսզի երախտիքի այս պարտքը վճարուէր բազմավաստակ Վարպետին։
Ook online
PDF bekijken