Home / Catalogus / Յառաջ 50
armenain-flag Armeens

Յառաջ 50

Բազմաթիւ • Geschiedenis

1976 , Փարիզ (A-D HIS MULT 1976)

“Բայց աւելի լաւ է թողուլ, որ գործը ինք խօսի”։ Այսպէս կը վերջացնէր “Յառաջ”ի հիմնադիրը, իր առաջին խմբագրականը, 1925 Օգոստոս 2ին։

Ու գործը խօսեցաւ։ Ինք զայն վարեց 1925էն 1957ի Յունուարի սեւ առաւօտ մը, երբ յանկարծակի հրաժեշտ տուաւ իր կեանքին, այսինքն՝ իր թերթին։ Կամովին դադրեցուցած էր անոր հրատարակութիւնը, 1940 Յունիսէն 1945, երբ Ֆրանսա կը գտնուէր թշնամի լուծին տակ, ու վերսկսած էր անոր հրատարակութիւնը 1945 Ապրիլ 8ին, Ազատագրութեան վաղորդայնին։

1957էն ետք, շարունակեցինք ի՜ր գործը։ Ո՜չ իր առաքելութիւնը քանի չունէինք եւ այսօր ալ չունինք, պարզ է, իր ձեռնհասութիւնը։ Ու մենք ըրինք, ինչ որ կրցանք, հաւատարիմ իր յիշատակին։

Այսօր հանրութեան կը ներկայացնենք ծաղկաքաղ մը յիսնամեայ հաւաքածոյէն։ Այս ծաղկաքաղը չի կրնար անշուշտ կատարեալ ըլլալ քանի անիկա ընտրութեան արդիւնք է, այսինքն՝ ճաշակի։

Այս հատորին երեք քառորդը յատկացուցած ենք “Յառաջ”ի մէջ լոյս տեսած շահեկան նկատուած գրութիւններուն, 1925էն 1975 ու վերջին մաս մը՝ նոր գրութիւններու։

Ook online

PDF bekijken
catalog-image