Armeens
Մայրենի լեզու, ընթերցարան, Դ․ տարի
Մախչանեան, Հ․Մ․; Եաբուճեան, Ս,Յ,; Սարոյեան, Մ․Գ․ • Taal
1970 , Երեւան (LAN MAKH 1970)
Այբուբէն հայոց
Այբուբե՜ն հայոց, գիրե՜ր սրբաշէն,
Երեսունեւութ զինուորներ հզօր,
Դուք մեր բանակն էք անսպառազէն,
Անյա՜ղթ, փառաւո՜ր։
Կռուեր էք անխոնջ, դարեր շարունակ,
Հեգներ էք ամէն վտանգ ահալի,
Ու միշտ աննահանջ՝ շահեր յաղթանակ,
Առա՜նց մէկ զոհի։
Դուք մեր գանձն էք, ճոխ, անկողոպտելի,
Դուք շո՜ւնչ էք, ոգի՜ ու կեա՜նք մը անահ,
Չի կրնար ոչ մէկ ոսոխ ահռելի
Պատճառել ձեզ մահ։
Այբուբե՜ն հայոց, գիրե՜ր սրբաշէն,
Երեսունեւութ զինուորներ հզօր,
Դուք մեր բանակն էք անսպառազէն,
Անյա՜ղթ, փառաւո՜ր։
Օ․ Փանիկեան
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak