Home / Catalogus / Պատկերազարդ ընթերցարան Դ․
armenain-flag Armeens

Պատկերազարդ ընթերցարան Դ․

Տէօշէմէճեան, Վերժին; Տիրատուրեան, Մաքրուհի; Տիրատուրեան, Գոհար (պատրաստեցին) • Taal

1974 , Istanbul (LAN TEOV 1974)

Նախակրթարաններու 4-րդ դասարաններու համար պատրաստուած այս գիրքը շարունակութիւնն է Ուսուցչաց Միութեան կողմէ հրատարակուած ընթերցարաններու շարքին։

Հոս, տղան քիչ մը աւելի կազմուած, պիտի գտնէ, շօշափէ ու ճանչնայ ընթացիկ կեանքը․ նիւթերուն մէջէն, որոնք առնուած են ուղղակի իր ապրած շրջապատէն։ Զատուած կտորները, որոնք հետաքրքրաշարժ են ու բարոյացուցիչ, առնչութիւն ունին տղուն անմիջական միջավայրին հետ․ առողջ են անոնք ու դասաւորուած արդիական պահանջներու տուեալներուն համաձայն։ Հոն է աշունը, ձմեռն ու գարունը ուր եղանակներու առընթեր տղան պիտի հանդիպի բնութեան որ կը դեղնի, կը ճերմկի ու կը կանանչնայ, ու բարոյացուցիչ ընթերցումներուն հետ, տղուն սիրտը պիտի բացուի բարիին ու ազնուին։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image