Home / Catalogus / Մեթոդաբանական ուղեցոյց Հայրենի աղբիւր այբբ...
armenain-flag Armeens

Մեթոդաբանական ուղեցոյց Հայրենի աղբիւր այբբենարանի

Տէր-Գրիգորյան, Աշոտ • Overig

1989 , Երեւան (EDU TERA 1989)

Տակաւին իր ժամանակին չեխ մեծ մանկավարժ Յ․Ա․ Կոմենսկին նկատած է, որ “լեզու սորվողները կարելի է․․․ դիւրութեամբ յառաջ տանիլ, եթէ կազմուին յատուկ ձեռնարկներ, որ է՝ մէկ կողմէ՝ դասագիրքեր, զորս պէտք է տալ սորվողներուն ձեռքը, միւս կողմէ՝ ձեռնարկներ դասատուներուն համար”։

Ժամանակակից ուսուցումը շատ աւելի բարձր պահանջներ կ՝առաջադրէ դասագիրքերուն, որպէս գիտելիքներու աղբիւրի, աշակերտներու մէջ ինքնուրոյնութիւն զարգացնողի, զանոնք կրթող  ու դաստիարակող միջոցի։ Հետեւաբար՝ այսօրուան դասագիրքերը աւելի քան պէտք ունին մեթոդաբանական ուղեցոյցներու, ըստ էութեան, դարձած են դասագիրքերուն անբաժան ուղեկիցը, անոնց ուսուցողական հնարաւորութիւններուն ու գաղտնիքներուն դուռը բանալին։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image