Home / Catalogus / Բառերու կախարդանքը
armenain-flag Armeens

Բառերու կախարդանքը

Էպլիղաթեան, Մելգոն • Taal

2002 , Հալէպ (LAN-P EPLM 2002)

Քեսապի մակդիրները

Զբօսանքի պահ մը հայ լեզուի մրգաստանին մէջ

Գրականութիւն, սէր եւ ներաշխարհ

 

Ծանօթ է որ բառերը, անկախ իրենց ծագումէն, երբեմն իմաստ կը փոխեն։ Անոնցմէ ոմանք հետզհետէ կրնան աւելի լայն հասարակութեան մը կողմէ որդեգրուիլ եւ երբեմն հեղինակի մը կախարդական գրիչին կնքահայրութեամբ հանդիսաւոր մուտք գործել “գրական ազնուականութեան” ակումբին մէջ։ Բայց աշխարհի կարծր օրէնք է, ուրիշներ ալ կը հիննան, կը ծերանան, անզգալաբար իմաստ կը կորսնցնեն, հետզհետէ կը մոռացուին եւ, օր մըն ալ փոշեծածկ բառարաններու մէջ անխռով կը ննջեն․․․։ Բայց կը պատահի նաեւ, որ նորաձեւութեան սիրահար գրողի մը գիւտով “մեռած” բառ մը յանկարծ յարութիւն առնէ, նոր եւ բազմազան իմաստներով բեռնաւորւի եւ ապրի երկրորդ կեանք մը։ Ասոր փոխարէն, “բախտաւոր” բառեր դարեր շարունակ եւ, մինչեւ այսօր, առանց մեծ փոփոխութեան պահած են իրենց գլխաւոր իմաստը (կը բաւէ վերյիշել նախաքրիստոնէական շրջանի պատառիկները եւ մանաւանդ՝ Ոսկեդարու գրականութիւնը)։

Այս գիրքով ներկայացուած երեք ուսումնասիրութիւններէն առաջինը կը վերաբերի անձնանուններու եւ մակդիրներու, քանի անոնք ալ բառեր են։ Երկրորդը կը խօսի ձայնանման բառերու մասին, իսկ երրորդը կ՝անդրադառնայ, թէ ինչպէ՞ս սիրոյ նոր թեմա մը ժամանակի ընթացքին մարդոց ներաշխարհը կը պայմանաւորէ եւ նոր արժեչափեր կը ստեղծէ։

 

 

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image