Home / Catalogus / Աղբարի՜կ, ափի՜կ մը ջուր
armenain-flag Armeens

Աղբարի՜կ, ափի՜կ մը ջուր

Աբէլեան, Գէորգ • Literatuur

2013 , Այնճար, Համազգայինի "Վ․ Սեթեան" տպարան (W-A LIT ABEG 2013)

Գէորգ Աբէլեանի հրատարակաած այս երկրորդ մանկապատանեկան հատորը վերամշակումն ու պատշաճեցումն է իր նախապէս հրատարակած պատմուածքներուն։ Կենդանի նահատակներու պատմութիւններուն ընդմէջէն հեղինակը կը ջանայ պատանի սերունդը առաջնորդել դէպի 1915 թուականը, դէպի այն վայրերը, ուր տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութիւնն ու գոյատեւելու պայքարը, դէպի այն դէպքերն ու վտանգները, զորս դիմագրաւեց հայ ժողովուրդը։ Աբէլեան իր գրականութեամբ կը յաջողի ընթերցողին մէջ արթնցնել այն իրական ապրումներն ու զգացումները, որոնց ընդմէջէն ան կը նոյնանայ տառապող անձերուն հետ, կ՛իւրացնէ անոնց կեանքի դաժան փորձառութիւնը՝ ընդվզելով համայն աշխարհին դէմ, որ օրին հաւկուր ձեւացաւ, իսկ հետագային մերժեց ընդունիլ կատարուածը իբրեւ ցեղասպանութիւն՝ մարդկութեան դէմ գործուած Մեծ ոճիր։ Այս պատմուածքները, սակայն, կը յաջողին հայ պատանիին փոխանցել այդ վճռակամ հոգին ու հաւատքը, զորս ունեցած են այդ աղէտեալները։ Տառապանքը ապրելով հանդերձ՝ անոնք հաւատացած են յարութեան եւ ձգտած անոր։ Այդ հաւատքը կարելի է տեսնել Աբէլեանի ներկայացուցած իւրաքանչիւր վկայութեան մէջ, ուր ապրիլ շարունակող հերոսներուն մէջ կարելի է տեսնել նախանձախնդրութիւն՝ հաւատքին եւ ազգային ինքնութեան հանդէպ։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image