Home / Catalogus / Պօղոս Սնապեանի լոյս տեսած հատորներուն եւ գ...
armenain-flag Armeens

Պօղոս Սնապեանի լոյս տեսած հատորներուն եւ գրական գործունէութեան մասին (Ա․ հատոր)

Բազմաթիվ • Literatuur

2014 , Պէյրութ, Համազգայինի "Վահէ Սէթեան" հրատարակչատուն (LIT-H MULT 2014)

Մենք՝ Պօղոս Սնապեանի զաւակները՝ Կարինէ, Թամար եւ Գալէ եւ ուսանողուհիներէն՝ Ծովիկ Մխճեան եւ Նորա Բարսեղեան, տարբեր առիթներու, երբեմն առանձին-առանձին եւ երբեմն խմբովին, տարիներ շարունակ ըսած ենք իրեն, որ իր հեղինակած հատորներուն ու ծաւալած գրականութեան մասին եղած գրականութիւնը լոյս ընծայենք առանձին հատորով մը, բայց միշտ բախած ենք իր ընդդիմութեան, այն առարկութեամբ, որ գրական մեր բարքերուն մէջ ընդունուած չէ գրողի մը կենդանութեան դիմել նման ձեռնարկներու։

Իր ծննդեան 80ամեակին նոյն հարցը արծարծեցինք քանիցս, յիշեցնելով առկայ նախընթացներ եւ այս անգամ տեղի տուաւ մեր պնդումներուն ու մեր տրամադրութեան տակ դրաւ մօտը գտնուող նիւթերուն թղթածրարը եւ անկէ բացակայող թուղթերուն հաւանական աղբիւրները, ու սկսանք նամակային ու հեռաձայնային մեր կապերուն միջոցներով պրպտումի ու մէկտեղումի աշխատանքներուն, որոնք տարիներ տեւեցին։ Շնորհակալութեամբ ըսենք, որ ուղղակի թէ տարբեր կապերով մեր կատարած դիմումներուն արձագանգեցին ոմանք, միւս կողմէ, սակայն, մեզի հետ բնաւ չգործակցեցան Հայաստանի եւ զոյգ Ամերիկաներու մամլոյ ներկայացուցիչներէն ուրիշներ, ու նոյն պատճառով այս ժողովածուն հեռու մնաց ամբողջական ըլլալէ։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image