Home / Catalogus / Զինադուլ 27…
armenain-flag Armeens

Զինադուլ 27…

Աբէլեան, Արա • Literatuur

1979 , Պէյրութ, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան (W-A LIT ABEA 1979)

Պատանեկան ու երիտասարդական թերթերու կամ էջերու մէջ գրական պզտիկ փորձեր ու կարճ յօդուածներ ստորագրած երիտասարդ մըն է Արա Աբէլեան, այժմ Ամերիկեան համալսարանի բժշկական ճիւղին  ուսանող, որ առաջին անգամ կը ներկայանայ “Բագին”ի ընթերցողներուն, եւ երկարաշունչ կտորով մը՝ “Զինադուլ 27”, գիրքի միջին ծաւալով շուրջ 150 էջնոց վիպակ մը։

Գիւղացի եւ քաղաքացի երիտասարդներ են հերոսները Աբէլեանի վիպակին, որուն գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ յաջորդաբար հայկական հեռաւոր գիւղի մը քաղաղ պայմաններուն ու քաղաքացիական պատերազմին փոթորիկէն բռնուած մեր ալեկոծ քաղաքին մէջ, այդ երկու եւ հակադիր միջավայրերէն բխող զգայնութիւններու հոսքին տակ։

Գիւղական բնական առօրեայ, անբնական պայմաններու տակ հոն ապաստանած քաղաքաբնակ երիտասարդներու անբնական հոգեվիճակ, անկատար երազներու յուզում, ընդհատուած աշխատանքի մղձաւանջ, անձկալի սպասում, տագնապները մոռնալու փորձ, գինովութիւն, սէր, հեռացում, քայքայման վտանգ։

“Զինադուլ 27” հանդարտ գնացքով մը կը զարնուի մեր վերջին տարիները յատկանշող վերոյիշեալ վիճակներուն եւ առանց մեծ բառերու, առանց գրական ձեւերու գայթակղութեան եւ հրապարակագրական սպաննիչ փորձութիւններու կը պատկերացնէ կեանք մը, որ շնորհիւ ընկալման պարզութեան, քաղաղ պատմումին, բառերու ժուժկալ գարծածութեան՝ ուշագրաւ չափով մը կեանք դարձած է նաեւ թուղթին վրայ։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image