Armeens
Դէպի 1700-ամեակ Սուրբ Թադէի ճամբով
Արամ Ա․ Կաթողիկոս • Godsdienst
1996 , Անթիլիաս, Տպարան Կաթողիկոսութեան հայոց մեծի տանն Կիլիկիոյ (REL-CH ARAM 1996)
Սոյն գրքոյկը կը բաղկանայ հինգ գրութիւններէ, որոնք թէեւ զանազան առիթներով պատրաստուած են, սակայն կը շօշափեն հիմնական մէկ խնդիր՝ հայ եկեղեցւոյ իւրայատուկ առաքելութեան վերակենսաւորումը մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։
Առաջին գրութիւնը՝ “Դէպի ներքին վերածնունդ”, կազմուած է հատուածներէ առնուած Մեր անդրանիկ Հայրապետական Կոնդակէն։
Երկրորդը՝ “Հայ Եկեղեցւոյ ճշմարիտ դիմագիծը”, 1971-ին Կաթողիկոսարանի ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթին մէջ տպուած խմբագրական մըն է։
Երրորդը՝ “Առաքելականութենէ դէպի Առաքելութիւն”, խտացումն է Ս․ Թադէոս եւ Ս․ Բարթողիմէոս Առաքեալներու տօնին, 3 Դեկտեմբեր, 1995, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Մեր խօսած քարոզին։
Չորրորդը՝ “Նախատօնակ 1700-ամեակի”, կը ներկայացնէ Մեր անձնական ապրումներն ու խորհրդածութիւնները Ատրպատականի թեմին Մեր տուած այցելութեան առիթով Ս․ Թադէի վանքը կատարած Մեր ուխտագնացութեան։
Հինգերորդը՝ “Պէտք է վերանորոգուի Սուրբ Թադէն 1700-ամեակէն առաջ”, Հայրապետական Մեր կոչն է Ատրպատականի վանքերուն, յատկապէս Ս․ Թադէի վանքի վերանորոգութեան համար։
Ա․Ա․Կ․
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak