Home / Catalogus / Խանձուած օրերը
armenain-flag Armeens

Խանձուած օրերը

Պերճուհի • Literatuur

2016 , Պէյրութ, Համազգայինի Վ․ Սէթեան հրատարակչատուն (W-A LIT PERC 2016)

Պերճուհի Բարսեղեանի «Խանձուած օրեր» ինքնակենսագրական յուշագրութեան մէջ նկարագրուած դէպքերը այնպէս մը ներկայացուած են, որ յուզումի ու ընդվզումի կողքին ընթերցողին կ՛առթեն նաեւ հպարտութեան զգացում: Գիրքը կարդացողին զգացնել կու տայ, թէ հայը եւս պայքարած է, իր կարելի միջոցներով դէմ դրած է իթթիհատի ճիւաղային ծրագիրին, գէթ չնչին մաս մը ձախողեցնելու նպատակով:

Արդարեւ, «Խանձուած օրերը» յուշագրութեան մէջ աչքի ինկող երկու յատկանշական երեւոյթներ կը գրաւեն ընթերցողը` կրթութիւնն ու իգական սեռին ազգային պարտականութեան գիտակցութիւնը:

Դէպքերը, որոնց մասին կը խօսի հեղինակը, բնականաբար տեղի կ՛ունենան Համաշխարհային Ա. պատերազմին սկիզբը: Պոլիս ենք. հոն կը տեսնենք ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը, մասնաւորաբար դասախօսութիւններու ճամբով զգաստացնելու ու արթնցնելու պոլսահայութիւնը եւ ի մասնաւորի հայ երիտասարդութիւնը… Պոլսահայ հարուստ ընտանիքի զաւակ մեր հեղինակը` խանդավառ տիրող ազգայնաշունչ մթնոլորտէն ու միշտ ընտանիքէն գաղտնի, ներկայ կը գտնուի դասախօսութիւններուն, ուր կը ծանօթանայ դաշնակցական գործիչ ու իր ապագայ ամուսինին` Արա Օտապաշեանին (Վանայ Սարգիս): Հոս է, որ յստակ կը դառնայ ուսման անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորաբար իգական սեռին համար ապագայի նկատառումներով` ազգին օգտակար դառնալու: 1915 մարտ-ապրիլ, մտաւորականներու ձերբակալութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Պերճուհի Բարսեղեանի ամուսինը, որ տունէն անվերադարձ կը տարուի` թուրք ոստիկաններու առաջնորդութեամբ:

Աննկարագրելի տառապանք, յուզում. որոշ շրջանի մը համար յուսալքում. առանձին իր երեք ամսուան զաւկին հետ ու առանց նիւթական ապահովութեան: Սակայն ի վերջոյ կամքն ու հաւատքը կը վերակենդանանան: Կը տեսնէ իր նմանները ու աւելի վատ վիճակի մէջ եղողները, եւ հոն կը սկսի յուշագրութեան ամէնէն զգայացունց բաժինը, բայց նաեւ ծրագրուած աշխատանքի մը ձեռնարկութիւնը: Հոս ընթերցողը կը փոխադրուի նկարագրուած ժամանակաշրջանը եւ կ՛ապրի սիրտ այրող ու հոգի մաշեցնող հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն բարդ օրերը, երբ պարպուած այր մարդոցմէ եւ մտաւորական խաւէն զրկուած հայ կանայք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն փրկելու համար առեւանգուած ու բռնի ուժով իսլամանալու ենթարկուած հայ մանուկները, որպէսզի հայը ապրի ու գոյատեւէ… Այո՛ գոյատեւէ, որովհետեւ մտահոգութիւնը, որ կը կճէր անոնց հոգիները, թէ փրկուած մանուկներէն ոեւէ մէկը կրնար ըլլալ միակ ժառանգորդը ամբողջ գաւառի մը. այս իրականութիւնը զանոնք կը մղէր ձեռնարկելու նոյնիսկ փրկութեան ամենաբարդ գործողութեան: Ահաւասիկ, այդ օրերու պայմաններուն մէջ նմանօրինակ գործողութիւններ կազմակերպելը,  այդ ալ տառապանք ապրած հայ կանանց կողմէ, իսկապէս յոյս, հաւատք ու հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթներ են, ու անոնց ունեցած այդ հաւատքն է, որ զիրենք կը հասցնէ Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութեան…

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image