Home / Catalogus / Սրտէ բխած աղօթքներ
armenain-flag Armeens

Սրտէ բխած աղօթքներ

Տէրտէրեան, Յովնան արք․ • Godsdienst

2019 , Burbank, Western Diocese of the Armenian Church of North America (REL-T TERH 2019)

Իրօք սրտէ բխած խօսքեր են այստեղ թուղթին յանձնուած այս աղօթքները, որպէսզի հեղինակին հետ միասին մեր հոգիները եւս կարենան շնչել, որովհետեւ “աղօթքը մարդուս հոգեկան շնչառութիւնն է”։

2014 տարին, Արեւմտեան Թեմէն ներս, որպէս “ԱՂՕԹՔԻ ՏԱՐԻ” յայտարարուած ըլլալով, Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հօգիէն ու սրտէն բխած այս աղօթքները կու գան մեզմէ իւրաքանչիւրին տալու առիթը, որպէսզի մեր ալ կեանքերը լեցուին աղօթքով, որովհետեւ, հեղինակին իսկ բառերով, “միայն աղօթքով է որ մեր կեանքերը կը լուսաւորուին, կը սրբուին ու կը լեցուին Աստուծմով։ Աղօթքով է, որ մեր կեանքերը կը պայծառակերպուին ու իմաստ կը ստանան։ Աղօթքով է, որ կը սկսինք սիրոյ ու խաղաղութեան կեանք մը ապրիլ Աստուծոյ եւ մեր նմաններուն հետ։ Ի վերջոյ, աղօթքով է, որ մեր հոգիները կը վերածուին լուսատու կանթեղի մը”։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image