Home / Catalogus / Երբ առանձին եմ, մենակ չեմ
armenain-flag Armeens

Երբ առանձին եմ, մենակ չեմ

Տէրտէրեան, Յովնան արք․ • Godsdienst

2019 , Burbank, Western Diocese of the Armenian Church of North America (REL-T TERH 2019)

Արդարեւ իւրաքանչիւրիս համար որպէս հոգեւորական թէ աշխարհական աղօթքը պէտք է ըլլայ մեզ ուղեկցող ներքին ուժը։ Երբ աղօթքն է որ կ՛առաջնորդէ մեր կեանքը, ապա Աստուծոյ հետ է մեր կեանքը ու այն կը դառնայ ընծայում մարդկանց համար։

Երբ շուրջս կը նայիմ այն ժամանակ կը տեսնեմ թէ ինչքան մարդիկ ուղեկորոյս են։ Պատճառը՝ աղօթքի բացակայութիւնն է անոնց կեանքին մէջ։ Ես այս կ՛ըսեմ իմ կեանքի փորձով, որովհետեւ երբ աղօթքի կեանքը դադար մը կ՛արձանագրէ իմ առօրեայի մէջ, ինքնստինքեան թերիներ կ՛արձանագրեմ։ Իսկ այն մարդիկ, որոնց կեանքը գրեթէ մշտապէս պարպուած է աղօթքէն, այդպիսիք շատ բնականօրէն նախ իրենք զրկուած են ներքին հոգեւոր կեանքի խաղաղութենէն եւ ապա անկարող լուսաւորելու իրենց դիմացինին հոգին ու միտքը։

 

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image