Armeens
Սիոն ամսագիր կրօնական-գրական-բանասիրական 1949
Բազմաթիվ • Godsdienst
1949 , Երուսաղէմ, Տպարան Սրբոց Յակոբեանց (REL-CH MULT 1949)
«Սիոն», կրօնական, պատմաբանասիրական եւ գրական ամսագիր, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պաշտօնական հրատարակութիւնն ու պաշտօնաթերթը։
Լոյս կը տեսնէ 1866 թուականէն ի վեր, Երուսաղէմի մէջ (1878-1926 թուականներուն հրատարակութիւնը ընդհատուած է)։
Ամսագրին մէջ հրատարակուած են Հայ Եկեղեցւոյ ազգային դիմագիծը հաստատող արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ։ Կրօնական նիւթերէն զատ, ամսագրին մէջ տեղ կը գտնեն նաեւ պատմութեան, բանասիրութեան, լեզուագիտութեան, մատենագիտութեան, հայ մշակոյթի եւ գրչութեան վերաբերող յօդուածներ։
Ամսագրին աշխատակցած են Եղիշէ Դուրեան, Գարեգին Յովսէփեան, Ներսէս Ակինեան, Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան եւ ուրիշներ։
Ամսագրին գրական բաժնին մէջ կը ներկայացուին հայ գրական ստեղծագործութիւններ, մասնաւորաբար՝ բանաստեղծութիւններ։ Ան կ՚անդրադառնայ նաեւ գաղութահայ կեանքին, կը սատարէ հայապահպանութեան եւ հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման։
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak