Home / Catalogus / Երկու դրախտերը․ ցիրուցան էջեր
armenain-flag Armeens

Երկու դրախտերը․ ցիրուցան էջեր

Թէքէեան, Վահան • Literatuur

2017 , Իսթանպուլ, Ժամանակ (W-A LIT TEKV 2017)

Ե­րեք բա­ժին­նե­րէ բաղ­կա­ցած հա­տո­րին ա­ռա­ջին բա­ժի­նը յատ­կա­ցո­ւած է հե­ղի­նա­կի հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան յօ­դո­ւած­նե­րուն։ «­Ժա­մա­նակ» եւ «­Ժո­ղո­վուր­դի ձայ­նը» թեր­թե­րուն մէջ ­Թէ­քէեա­նի ա­նու­նով հրա­տա­րա­կո­ւած յօ­դո­ւած­նե­րէն ընտ­րա­նի մը կա­րե­լի է գտնել այս բաժ­նին մէջ։ ­Յօ­դո­ւած­նե­րը առ­հա­սա­րակ կը վե­րա­բե­րին սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչակ­ման ան­մի­ջա­կան վա­ղոր­դայ­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն՝ օս­մա­նեան քա­ղա­քա­կան ու հայ­կա­կան հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի ինչ-ինչ դրո­ւագ­նե­րուն։
Երկ­րորդ բա­ժի­նը յատ­կա­ցո­ւած է գրա­կան ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յօ­դո­ւած­նե­րուն կամ յօ­դո­ւա­ծա­շար­նե­րուն, ո­րոնք նոյն­պէս հրա­տա­րա­կուած են «­Ժա­մա­նակ»ի, «­Ժո­ղո­վուր­դի ձայ­նը-­Ժա­մա­նակ»ի կամ ­Գա­հի­րէի «Ա­րեւ»ին մէջ։ ­Կար­դա­լով այդ յօ­դո­ւած­նե­րը՝ կա­րե­լի է գա­ղա­փար ու­նե­նալ ո՛չ միայն յետ-ե­ղեռ­նեան ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեան­քին մա­սին, այ­լեւ ծա­նօ­թա­նալ ­Թէ­քէեա­նի մօ­տե­ցում­նե­րուն՝ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի գրա­կա­նու­թեան, գրա­կան ան­ցու­դար­ձե­րուն եւ նոյ­նիսկ 1922ի ուղ­ղագ­րա­կան փո­փո­խու­թեան մա­սին։
­Վեր­ջին բա­ժի­նը, զոր թե­րեւս ա­մե­նա­հե­տաքրք­րա­կա­նը կա­րե­լի է նկա­տել, ­Թէ­քէեա­նի յու­շերն են։ Գ­րա­կան աշ­խար­հէն դէմ­քե­րու, ա­րեւմ­տա­հայ քա­ղա­քա­կան-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քէն ան­ցու­դար­ձե ­րու մա­սին ­Թէ­քէեա­նի վկա­յու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ իր անձ­նա­կան կեան­քէն դրո­ւագ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մը տար­բեր անց­քե­րու ու յայտ­նի ան­ձե­րու մա­սին նոր բա­ցա­յայ­տում­ներ կա­տա­րե­լու ա­ռըն­թեր՝ հա­ճե­լի ըն­թեր­ցա­նու­թիւն մըն ալ կը պար­գե­ւեն կար­դա­ցո­ղին։
«Եր­կու դրախտ­նե­րը» հա­տո­րի իւ­րա­քան­չիւր բաժ­նէն ետք տե­ղադ­րո­ւած են ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­ներ։ ­Հոն կա­րե­լի է գտնել նաեւ ­Թէ­քէեա­նի վե­րա­բե­րեալ ժա­մա­նա­կի մա­մու­լին մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած եր­գի­ծան­կար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հօր՝ ­Գա­լուստ ­Թէ­քէեա­նի ­Պաղ­լար­պա­շըի մէջ գտնո­ւող շի­րի­մին լու­սան­կա­րը։ ­Հա­տո­րի ա­ւար­տին դրուած յա­տուկ ա­նուն­նե­րու ցանկն ալ կը դիւ­րաց­նէ պատ­մա­բան­նե­րու կամ գրա­կա­նա­գէտ­նե­րու աշ­խա­տան­քը։

Alleen in de bibliotheek

Maak afspraak
catalog-image