Armeens
Ուսումնասիրութիւնք Լեհահայոց դատաստանագրոյն
Գալէմքեարեան, Հ․ Գրիգորիս Վ․ • Geschiedenis
1890 , Վիեննա (A-D HIS GALG 1890)
Երկու կարեւոր ուսումնասիրութիւնք Լեհահայոց Դատաստանագրոյն մասին լոյս տեսած են ցարդ, երկուքն ալ գերմաներէն լեզուաւ։ Ասոնց հայ թարգմանութիւնն ընելով՝ նպատակ ունէինք նոյն դատաստանագրոյն հայ բնագրին հրատարակութեան իբր ներածութիւն դնել։ Սակայն անկարելի եղաւ մեզ այսպիսի բնագիր մը գտնել, որով երկու ուսումնասիրութիւնքս միասին ամբողջ մը կազմել պատշաճ համարեցանք։
Առաջին մասին գերմաներէն վերնագիրն է՝ Das alte Recht der Armenier in Polen. Aus Urkunden des Lemberger Stadtarchivs, von Dr. Ferdinand Bischoff, I-IV: Ասիկա հրատարակուած է թերթին՝ Österreichische Blaätter für Literatur und Kunst. Beilage zur Öster-kais. Wiener-Zeitung, 1857 (No.No. 28, 33, 37, 39. S. 217-307)։
Երկրորդն, որ կը կոչուի Das Recht der Armenier, von Prof. Dr. J. Kohler, հրատարակուած է ի թերթին՝ Zeitschrift für vergleichende Rechtswissenschaft, 1888, VII, S. 385-436։
Այս երկուքն զիրար կ՝ամբողջացընեն։ Եւ թէեւ երկրորդն առաջնոյն վրայ յեցած է, սակայն Մխիթար Գոշի Դատաստանագիրքն եւ ուրիշ ազգերու օրէնքներն Լեհահայոց օրէնքներուն հետ համեմատուած ըլլալուն, սոյն ուսումնասիրութիւնն մեծագոյն արժէք է ստացած։
Ook online
PDF bekijken