Armeens
Պարտիզակը խատուտիկ․ Մանուշակ եւ իր հէքեաթները
Տէր-Յակոբեան, Յակոբ • Geschiedenis
1960 , Փարիզ (W-A HIS TERH 1960)
Ամբողջ ընթացքիս մէջ ձգտումս եղած է արուեստը պահել՝ որչափ որ կարելի կ՛ընէին մտաւորական ուժերս։ Յաջողեցայ թէ ոչ, այդ չեմ գիտեր։ Բայց ինչ որ գիտեմ, եւ որով կրնամ պարծիլ, սա է թէ, հակառակ տիրող մթնոլորտին, գրիչս ռամկավար ու ընկերվարական հակումներ փնտռել սիրեց ու մնաց անվարձկան։ Ասպարէզիս մէջ հաւանական է որ սխալներ ունեցայ։ Բայց չեմ կարծեր որ որեւէ մէկը ուզէ ինծի վերագրել անպարկեշտութիւն։ Գրողի խիղճս մնաց պարզ։ Այս է ահա, ըստ իս, միակ արժանիքս, որուն կրնամ վստահիլ։ Իսկ անկից դուրս “արժանիքներ”ս, ուրիշներէ աւելի ինծի համար վիճելի եւ աննշան ու սովորական են։
Յակոբ Տէր-Յակոբեան
Alleen in de bibliotheek
Maak afspraak