Home / Catalogus / Խճանկարներ (Ա շարք)
armenain-flag Armeens

Խճանկարներ (Ա շարք)

Կոպէլեան, Երուանդ • Literatuur

1969 , Իսթանպուլ (W-A LIT KOPE 1969)

Երուանդ Կոպէլեան որդին է չորս զաւակներու տէր ծնողքի մը, որ կու գար Պարտիզակէն։ 1923-ին ծնած էր Ռումելիհիսար, Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է թաղի Թադէոսեան, ապա Թաքսիմի Էսաեան վարժարաններէն։ 1937-ին եղած է շրջանաւարտ եւ ապա որեւէ դպրոց յաճախած չէ։ Աշխատած է որպէս նպարավաճառի աշկերտ, ինքնաշարժներու նորոգիչ, ատաղձագործ, նիքելագործ եւլն.։ Մօրեղբօրը գրադարանը Կոպէլեանին համար եղած է ինքնազարգացումի վայր մը։ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն կատարեց իր բանակային ծառայութիւնը, չորս տարուան ժամկէտով։

Կոպէլեանի բանաստեղծութեանց առաջին ժողովածոն կը հրատարակուի 1948-ին, «Երանի՜ թէ» խորագրով, որմէ անմիջապէս ետք կը հարցաքննուի ոստիկանութեան կողմէ։ Կոպէլեան 1953-ին կը մեկնի Պէյրութ, ընդառաջելով հրաւէին նոր հիմնուած «Այգ» օրաթերթի, որու խմբագիրի պաշտօնը կը ստանձնէ։ 1954-ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ կ՚աշխատի «Մարմարա» օրաթերթին մէջ։ 1957-ին դարձեալ Պէյրութ է, ուր երկար տարիներ մաս կը կազմէ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի եւ «Սեւան» հրատարակչութեան խմբագրական խորհուրդներուն։ 

Իր կեանքի վերջին տասնհինգ տարիներուն Կոպէլեան աշխատեցաւ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ։ Դեկտեմբեր 2010-ին կնքեց իր մահկանացուն։ 

 

Ook online

PDF bekijken
catalog-image